Lesson 2 p.3

Արդի լեզուագիտութեան համար որեւէ լեզուի ուսուցման կերպը կը տարբերի համաձայն այն իրողութեան թէ տուեալ լեզուն աշակերտին համար մայրենի՞ լեզու է (այսինքն զայն սորվա՞ծ է օրօրոցէն սկսեալ, ընտանեկան շրջապատի մէջ), թէ օտար լեզու է, զոր չի հասկնար եւ զայն պիտի սորվի դասընթացքներու միջոցով: Եթէ օտար լեզու է, ուսուցման կերպը պարտադրաբար կը տարբերի մայրենի լեզուի ուսուցման ձեւէն:

Այս իրողութիւնը նկատի առնելով ՄԱՇՏՈՑ, Հայ Լեզուի Պաշտպանութեան եւ Զարգացման Միութիւնս որդեգրեց Տոքթ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի (*) կողմէ լսատեսողական մեթոտով պատրաստած “Օտարախօսներու համար հայերէնի ձեռնարկ“-ը (Manuel d'arménien occidental pour les non-arménophones // Western armenian handbook for non-armenian speakers), որ երախաներու, չափահասներու, ծագումով հայերու, նաեւ օտարներու վրայ փորձարկուելէ յետոյ հրատարակուած է եւ հրաշալի արդիւնք կու տայ:

Արդիական լսատեսողական մեթոտը (audiovisuelle), բոլոր լեզուներու պարագային շատ արագ կերպով օտարախօս աշակերտը ի վիճակի կը դարձնէ լեզուն հասկնալու եւ պատասխանելու, որովհետեւ կը համապատասխանէ մարդկային ուղեղի բնախօսական (Physiologique) կարողութիւններու իրերայաջորդութեան կարգին: Այսինքն, նախ՝ հասկնալ, յետոյ՝ պատասխանել, աւելի յետոյ՝ կարդալ եւ ի վերջոյ՝ գրել: Իսկ հասկնալու եւ պատասխանելու գործողութիւնը մարդկային ուղեղին մէջ կը կատարուի լսողութեսւն եւ տեսողութեան ճամբով, խօսակցական տեսարաններու ընթացքին: Կը տեսնուի թէ խօսակցական լեզուն է որ առաջնահերթ կը համարուի, նախապատուութիւնը տրուած է հաղորդակցութեան, որուն կը յաջորդէ գրաւոր լեզուն (այբուբեն, գրաճանաչութիւն- ընթերցանութիւն):

"Օտարախօսեերու համար հայերէնի ձեոնարկ"-ը պատրաստուած է
ամբողջակսւն-կառուցողական մօտեցումով (Structuro-global),
յաճախականութեան (fréquence) սկզբունքով ընտրուած տարրական
բառապաշարով (vocabulaire de base) եւ քերականական
յառաջխաղացումով (progression grammaticale):

Ուսուցում ը կը բաղկանայ բազմաթիւ փուլերէ, թէ՛ բանաւոր եւ թէ գրաւոր լեզուի համար: Մասնաւորաբար կարեւոր են Կառուցողական վարժութիւնները, լեզուամարզանքները, որոնց միջոցով աշակերտը կը սորվի ըստ պահանջի օգտագործել լեզուական կառոյցները՝ իր միտքը արտայայտելու համար: Այսինքն՝ կրնայ խօսիլ եւ կրնայ գրել:

"ՕՏԱՐԱԽՕՍՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿ'' -ը տարբեր ուսուցիչներու կողմէ կիրարկուած է Փարիզի, Մարսիլիոյ, Հալէպի, Գանատայի եւ Ամերիկայի մէջ, տարբեր ծագումներով եւ տարիքներով անձերու վրայ, շատ յաջող արդիւնքներով:

''ՁԵՌՆԱՐԿ'' –ի ուսուցման արագութիւնն է 50 ժամուան դասաւանդութեամբ 1000 քերականական բաոի սահմաններուն մէջ խօսիլ եւ կարդալ-գրել սորվեցնել: Ըստ մեր տեղեկութիւններուն, այս արղիւնքը ձեոք ձգող ուրիշ որեւէ մեթոտ գոյութիւն չունի հայերէնի պարագային՝ օտարախօսներու համար: Ցարդ մօտ 3000 օտարախօս անձեր այս ''ՁԵՌՆԱՐԿ''- ով հայերէն սորված են։

Արդ, ներկայիս, Մաշտոց Միութեանս ծոցին, մենք որոշեցինք գիտական հիմքերով պատրաստուած եւ տարիներու փորձարկութենէն յաջողութեամբ անցած այս մեթոտը փոխգործօն (inter-active) կայքի ձեւով համացանցի վրայ տեղադրել եւ ընդհանրացնել անվճար կերպով, որպէսզի ամէն անձ աշխարհիս վրայ ո՛ւր որ ալ գտնուի, իրեն յարմար ժամերուն կարենայ բանալ համակարգիչը եւ հայերէն սորվիլ անվճար կերպով:

Համացանցային այս ձեւը չի հակադրուիր հայերէնի գոյութիւն ունեցող ա՛յլ դասընթացքներուն (միօրեայ վարժարաններ), այլ կ'օգնէ ուսուցիչներուն, իրենց դասաւանդութիւններուն որպէս յենակ ծառայելով: Եւ մանաւանդ, անգնահատելի դեր կրնայ կատարել հայերէնի դասաւանդութիւն գոյութիւն չունեցող վայրերու մէջ, ուր փափաքողները զրկուած են հայերէն սորվելու կարելիութենէն:

Կայ նաեւ ուրիշ առաւելութիւն մը.- Համացանցը կապ կը ստեղծէ, գրաւոր հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ աշակերտները իրարու հետ: Արդարեւ, աշակերտը կը համարձակի օգտագործեյ իր նոր սորված հայերէնը, հադորդակցելով իրեն նման հասկնալ-կարդալ-գրել նոր սորված անձերու հետ: Որով հայերէնի ուսումը կը դառնայ հաճելի խաղ: Այսպիսով, հայախօս-հայագիր սերունդ կը պատրաստուի:

Խորին շնորհակալութիւն Քոլէթ Փափիոնին, անգլերէն թարգմանութեան իր բարեկամական օգնութեան համար:


(*) L’auteur : Dr. Hilda KALFAYAN-PANOSSIAN
                      Docteur en Psychopédagogie –Université de Paris Sorbonne.
                      Licence et Maîtrise en Arménologie –INALCO-Paris.
                      Diplomée de l’Institut des Professeurs de Français à l’Etranger- Sorbonne.

Leave a comment

Make sure you enter the (*) required information where indicated. HTML code is not allowed.

Draw
Pronounce

Record

Pause