''ՕՏԱՐԱԽՕՍԵԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՐԵՒՄՏԱ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿ''-ը պատրաստուած է 8-80 տարեկան անձերու եւ մասնաւորաբար Սփիւռքահայ օտարախօս աշակերտներու համար, Տոքթ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի կողմէ (Սորպոնի Համալսարան):
Գիտական արդի տուեալներու համաձայն պատրաստուած եւ տարիներու փորձարկութենէն յաջողութեամբ անցած այս ''ՁԵՈՆԱՐԿ''-ը արժանացած է Փրօֆ. Ժան-Փիէռ Մահէի գնահատանքին:Տեսնել աւելին
Ներկայիս համացանցի վրայ տեղադրեցինք այս փոխգործօն (interactif) կայքը, որպէսզի բոլոր փափաքողները, ուր որ գտնուին, կարենան հայերէն սորվիլ անվճար կերպով: